Յունուար 6-ին, Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխանուհի Վիոլա ֆոն Գրամոն յայտարարած է, թէ Ազերպայճան անյապաղ պէտք է բանայ Բերձորի միջանցքը։ Ան թուիթըրի իր էջին տեղադրած գրառումով նշած է.-
«Այսօր՝ Յունուար 6-ին, Հայերը կը նշեն Սուրբ Ծնունդը։ Սիրտս կը ցաւի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ շրջափակուած աւելի քան 100 հազար մարդոց համար։ Անոնք սնունդի եւ դեղորայքի պակաս ունին։ Ազերպայճանի կառավարութիւնը եւ անոր համախոհները պէտք է անյապաղ թոյլատրեն միջանցքին մէջ խաղաղ բնակչութեան անխափան տեղաշարժը»։