Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի Յունուար 7-ին ստորագրած հրամանագրերով՝ Վիտալի Բալասանեան ազատ կացուցուած է Ապահովութեան խորհուրդի քարտուղարի պաշտօնէն. զինք կը փոխարինէ Արարատ Մելքումեան։
2016-ին N զօրամասի հրամանատարի` մարտական պատրաստութեան գծով տեղակալ Արարատ Մելքումեանի գլխաւորած ջոկատը կասեցուցած է նախայարձակ ազերպայճանական ուժերու յառաջխաղացքը: Նոյն տարուան Ապրիլ 4-ին ան վիրաւորուած է։ Պարգեւատրուած է Հայաստանի «Մարտական խաչ» Առաջին աստիճանի շքանշանով։
44-օրեայ պատերազմին զբաղած է յատկապէս Մարտունիի շրջանի ինքնապաշտպանական հարցերով։ Հայ-ազերպայճանական պատերազմին՝ Արցախին մատուցած բացառիկ ծառայութիւններուն համար 2020 Նոյեմբեր 22-ին գնդապետ Մելքումեանին շնորհուած է Արցախի հերոսի բարձրագոյն կոչումը: