Ֆրանսայի Ազգային ժողովի նախագահուհի Եաէլ Պրաուն-Փիվէ այս շաբաթ Հայաստան կ՚այցելէ: Ան Թուիթըրի իր էջին տեղադրած գրառումով՝ Հայութեան ուղղուած Սուրբծննդեան բարեմաղթանքներէ ետք, հաղորդելով լուրը՝ կը տեղեկացնէ, թէ պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Ազգային ժողովի փոխնախագահուհի Վալերի Ռապօ, Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Ժան Լուի Պուրլանժ, Արտասահմանի Ֆրանսացիներու երեսփոխանուհի Անն Ժենըթէ, Տնտեսական հարցերու յանձնաժողովի փոխնախագահուհի, Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահուհի Անն-Լոռանս Փեթէլ եւ այլ պաշտօնատարներ։