Modern Website Header
Website Header with Working Banner

«Սասնայ ծռեր»-ու բողոքի ցոյցը՝ Գիւմրիի ռուսական ռազմակայնին մօտակայքը

«Սասնայ ծռեր» շարժումը Յունուար 9-ին Գիւմրիի 102-րդ ռուսական ռազմակայնին մօտերը բողոքի ցոյց մը կազմակերպած է։ Շուրջ 400 հոգիի մասնակցութեամբ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցին՝ ապահովութեան ուժերուն հետ բախումներ ալ արձանագրուած են։ 

Ազգայնական եւ Ռուսաստանի ընդդիմադիր իր կեցուածքով ծանօթ «Ժողովրդավարական բեւեռ» կուսակցութեան մաս կազմող «Սասնայ ծռեր»-ու համակիրները ուզած են մօտենալ ռազմակայանին, անոր փակման պահանջով։    

Մեծ մասամբ Երեւանէն եկած ցուցարարներու նպատակը եղած է՝ Բերձորի միջանցքին մէկ ամիսէ ի վեր Ազերպայճանի կողմէ փակումը խորհրդանշելու համար փակել ռազմակայանին մուտքերը։ Անոնք պահանջած են, որ ռուսական կողմը կատարէ իր ստանձնած պատասխանատւութիւնը եւ ապահովէ միջանցքին բացումը։ 

Ոստիկանութիւնը արգելք հանդիսացած է ցուցարարներուն ռազմակայան մօտենալուն, ինչ որ բախումներու պատճառ դարձած է։ Քանի մը տասնեակ ցուցարար հսկողութեան տակ առնուած է։  

Այնուհետեւ, անոնք քալած են դէպի ռազմակայանի յետին մուտքը, ուր արտասանուած են ճառեր ու դէպի քաղաքի կեդրոն քայլարշաւէն ետք վերջ գտած է արարքը։