Երեքշաբթի, Յունուար 10-ի երեկոյեան, Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի շէնքին դիմաց հարիւրաւոր Հայեր՝ ընդառաջելով Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի (CCAF) կոչին, մասնակցեցան Արցախի եւ Արցախահայութեան զօրակցութեան հաւաքին, պահանջելով՝ Ազերպայճանի կողմէ Արցախի շրջափակման անյապաղ դադրեցումը:
Հաւաքին ներկայ էին մեծ թիւով երեսփոխաններ, ծերակուտականներ, քաղաքապետեր, լրագրողներ եւ այլ համայնքներու ներկայացուցիչներ: Ելոյթ ունեցան եւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Արցախահայութեան ու դատապարտեցին Ազերպայճանը՝ ծերակուտական Վալերի Պուայէ, երեսփոխաններ՝ Սապրինա Ակրեսթի-Ռուպաշ, Սիլվէն Մայար, Լիոնէլ Փերօ, Ալեքսանտրա Մարթէն, Իզապէլ Սանթիակօ, Սառա Թանզիլլի, Ասթրիտ Փանոսեան, Ժերոմ Կէճ, Նաթալի Լուազօ, ասորի համայնքին կողմէ՝ Անթոնի Եալափ, քրտական համայնքին կողմէ՝ Ակիթ Փօլատ եւ Ֆրանսայի իրաւաբաններու խորհուրդի փոխնախագահ Վենսան Նիորէ, ինչպէս նաեւ՝ CCAF-ի համանախագահներ Մուրատ Փափազեան եւ Արա Թորանեան:
Հաւաքին շեշտուեցաւ Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի դէմ պայքարը շարունակելու ֆրանսահայ համայնքի վճռակամութիւնը: Որոշուեցաւ յաջորդական երկու շաբաթներու ընթացքին (Յունուար 17 եւ 24) շարունակել բողոքի ցոյցերը, պահանջելով Ֆրանսայի ուղղակի միջամտութիւնը շրջափակման վերացման համար:
Հաւաքի մասնակիցները ողջունեցին Ազգային Ժողովի նախագահ Եաէլ Պրաուն-Փիվէի առաջնորդած խորհրդարանական պատուիրակութեան զօրակցական այցելութիւնը Երեւան, որ տեղի պիտի ունենայ Յունուար 12–14-ին: