Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ազերպայճան թոյլ չի տար վերանորոգել Արցախի՝ Հայաստանէն սնուող խանգարուած միակ ելեկտրալարը

 

Արցախի Տեղեկատուական կեդրոնէն «Արմէնփրէս»-ին հաղորդած են, թէ Ազերպայճան թոյլ չի տար վերանորոգել Արցախի՝ Հայաստանէն սնուող միակ ելեկտրալարը, որ խանգարուած է։

Կեդրոնէն կը տեղեկացնեն, թէ ըստ ինքնաշխատ գործիքներու տուեալներուն՝ նշեալ ելեկտրալարը խանգարուած է Յունուար 9-ին, Աղաւնոյ-Բերձոր հատուածին մէջ։

Առ այդ, որոշում կայացուած է, Արցախի ելեկտրականութեան մատակարարումը ապահովել տեղական արտադրող կայաններու միջոցով՝ համապատասխան սահմանափակումներով։