Արցախի Տեղեկատուական կեդրոնէն կը հաղորդեն, թէ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի վարած բանակցութիւններու շնորհիւ, «Ղարաբաղ Թելեքոմ» ընկերութեան մասնագէտները վերանորոգած են համացանցի վնասուած լարը։
«Յունուար 13-ի երեկոյեան Արցախի Հանրապետութեան ամբողջ տարածքին համացանցային կապը վերահաստատուած է»,– նշուած է Կեդրոնի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։