Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Նետերլանտներու համախոհութեան կուսակցութիւնները կ՚առաջարկեն օդային կամուրջ հաստատել դէպի Արցախ

Նետերլանտներու համախոհութեան (coalition) կուսակցութիւնները դէպի Արցախ օդային կամուրջ հաստատելու հարցով դիմած են երկրի Արտաքին գործոց նախարարին: Այս մասին կը յայտնեն Նետերլանտներու հայկական կազմակերպութիւններու դաշնակցութենէն:

«Նետերլանտներու հայկական կազմակերպութիւններու դաշնակցութիւնը իր զօրակցութիւնը կը  յայտնէ ծանր կացութեան մէջ յայտնուած Արցախահայութեան եւ կը տեղեկացնէ,  որ Նետերլանտներու կառավարական համախոհութեան երկու կուսակցութեան արտաքին քաղաքական հարցերու բանբերներ՝ Ակնէս Միւլտէր (CDA) եւ Տոն Սետեր (ChristenUnie) հարցումներ յղած են  երկրի Արտաքին գործոց նախարար՝ Վոփքէ Հուքսթրային՝ Բերձորի միջանցքի շրջափակման հետեւանքով ստեղծուած Արցախի սնունդի եւ դեղորայքի պակասի վերաբերեալ: Այդ հարցումներն են.-

• Ծանօ՞թ էք տեղեկութեան, որ Լաչինի միջանցքի շրջափակման պատճառով Լեռնային Ղարաբաղը կը տառապի սնունդի եւ դեղորայքի պակասէ։

• Կը կիսէ՞ք Հայաստանի կառավարութեան մտահոգութիւնները, որ շրջափակումը կրնայ մարդասիրական ճգնաժամի յանգեցնել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ:

• Ի՞նչ լրացուցիչ ջանքեր կրնան գործադրել Նետերլանտները եւ Եւրոպական Միութիւնը Լեռնային Ղարաբաղին մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու համար։

• Կարելի՞ է օդային կամուրջ բանալ դէպի Լեռնային Ղարաբաղի անգլաւ՝ սննդամթերքի եւ դեղորայքի մատակարարումը ապահովելու համար։

• Ճի՞շդ է, որ Եւրոպական Միութիւնն ու ԱՄՆ-ն Ազերպայճանին յորդորած են կրկին ապահովել մարդոց եւ ապրանքներու ազատ եւ անվտանգ տեղաշարժը միջանցքով: եթէ այո՛, ապա ի՞նչ եղած է Ազերպայճանի արձագանքը։

• Ուրիշ ի՞նչ կարելիութիւններ ունի Նետերլանտները՝ Ազերպայճանը համոզելու՝ Լաչինի միջանցքը կրկին հասանելի դարձնելու համար։

• Ո՞ր բնապահական կազմակերպութիւնն է պատասխանատու Լաչինի միջանցքի շրջափակմէն եւ ի՞նչ է այդ կազմակերպութեան կարգավիճակը Ազերպայճանի մէջ։ Այդ կազմակերպութիւնները անցեալին նման գործողութիւններու ձեռնարկա՞ծ են։

• Ի՞նչն է պատճառը, որ տեղակայուած ռուս զինուորները չեն ապահովեր Լաչինի միջանցքով անխափան տեղաշարժը։

• Որքանո՞վ փոխուած են Ռուսաստանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւնները Ուքրաինայի պատերազմին սկսելէն յետոյ։

• Կը կիսէ՞ք մեր այն տեսակէտը, որ Եւրոպական Միութիւնը եւ ՄԱԿ-ը պէտք է աւելի մեծ դեր խաղան տարածաշրջանին՝ Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան հասնելու համար: եթէ այո՛, ապա ինչպէ՞ս կարելի է հասնիլ ատոր:

• Արդեօք տարբերա՞կ է Եւրոպական Միութեան դիտորդական նոր առաքելութիւն սկսիլը Լաչինի միջանցքի տարածքին:

Նետերլանտներու հայկական կազմակերպութիւններու դաշնակցութիւնը կը շարունակէ  տեղեկացման արշաւը եւ պայքարը Բերձորի միջանցքի շուտափոյթ վերաբացման ուղղութեամբ»,– հաղորդագրութեան մէջ։

***

Յիշեցնենք, թէ առջի օր, Արցախի հետ օդային կամուրջ հաստատելու մասին նման նախաձեռնութեամբ հանդէս եկած էր Զուիցերիոյ Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովն ալ։