Յունուար 14-ին, Արցախի Հանրապետութեան Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան յայտարարած է, որ Բերձորի միջանցքի մէկ ամիսէն աւելի շարունակուող շրջափակումէն ետք Ազերպայճան կը ստիպէ Հայերը լքելու իրենց հինաւուրց հայրենիքը, սակայն Արցախցիները պիտի չլքեն զայն, որքան ալ դժուար ըլլայ:
Ան Թուիթըրի իր էջին տեղադրած է հետեւեալ գրառումը.
«Մենք չենք լքի մեր հայրենիքը, որքան էլ դժուար լինի իրավիճակը։ Ամէն օր մենք դժուար, բայց անհրաժեշտ ընտրութիւն ենք կատարում՝ մնալու եւ պաշտպանելու մեր հողը։ Դա միակ ճանապարհն է, որով կարելի է կանխել Արցախը կորցնելու գործընթացը եւ երաշխաւորել Հայոց աշխարհի պահպանումը»։