Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Freedom House-ը Ազերպայճանին կրկին կոչ ըրած է անյապաղ դադրեցնելու Բերձորի միջանցքի շրջափակումը

 

Freedom House միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը կրկին Ազերպայճանին կոչ ըրած է անյապաղ դադրեցնելու Բերձորի միջանցքի շրջափակումը։ Կազմակերպութիւնը միաժամանակ միջազգային համայնքին ալ այս հարցով աջակցութեան կոչ յղած է:

«Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան իրաւունքները, անվտանգութիւնն ու բարեկեցութիւնը պէտք է ապահովուին»,– նշած են Freedom House-ի պատասխանատուները։