Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Եւրոպական խորհրդարանի Յունուար 18-ի լիագումար նիստին կը քննարկուի Արցախի մարդասիրական իրավիճակը

 

Եւրոպական խորհրդարանի Յունուար 18-ի լիագումար նիստի օրակարգին արձանագրուած է հրատապ վիճարկում-քննարկում՝ «Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակման մարդասիրական հետեւանքները» վերնագրով:  Լուրը հաղորդուած է Եւրոպական խորհրդարանի կայքէջին վրայ։

Եւրոպական Միութեան գործադիր մարմիններու հետ նախատեսուող վիճարկումին Եւրոպական խորհրդարանի անդամները ելոյթներ կ՚ունենան եւ կը մշակեն հրատապ բանաձեւի նախագիծը, որ քուէարկութեան կը դրուի յաջորդ օր՝ Յունուար 19-ին: