Յունուար 13-ին, Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Ֆրանսայի Ազգային ժողովի նախագահուհի Եաէլ Պրաուն-Փիվէի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Իր ելոյթին վարչապետը նշած է, թէ սոյն առանձնաշնորհեալ այցելութիւնը թէ՛ խորհրդանշկgան եւ թէ՛ քաղաքական իմաստ ունի: “Շատ կարեւոր է ընդգծել՝ մեզ համար առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի այն, որ մենք մեր տարածաշրջանում, մեր երկրի շուրջ առաջացող եւ գոյութիւն ունեցող բոլոր խնդիրների արձագանգը տեսնում ենք Ֆրանսիայում, յատկապէս Ֆրանսիայի խորհրդարանական պալատներում, եւ դա շատ կարեւոր է մեզ համար: Մենք անընդհատ առիթներ ենք ունենում ծափահարելու Ֆրանսիայի Ազգային ժողովին, Ծերակոյտին: Ուզում եմ շնորհակալութիւն յայտնել Ձեզ եւ մեր խորհրդարանական գործընկերներին այդպիսի քաղաքական կամքի համար: Համոզուած եմ, որ Հայաստանի եւ Ֆրանսիայի միջեւ գոյութիւն ունեցող քաղաքական եւ մարդկային ջերմութիւնը երկար տարիներ նորանոր առարկայական դրսեւորումներ կ՚ունենայ”:
Իր կարգին, Ֆրանսայի Ազգային ժողովի նախագահուհին նշած է, թէ բարեկամ Հայաստանի մէջ գտնուիլը իրեն համար մեծ պատիւ է։ Ան յիշատակած է Արցախի եւ Բերձորի միջանցքի փակման մասին Ազգային ժողովին եւ Ծերակոյտին ընդունած յայտարարութիւններու եւ բանաձեւերու փաստը՝ աւելցնելով, որ իրենք պիտի շարունակեն իրենց ուշադրութեան կեդրոնը պահել Արցախահայութեան խնդիրները եւ հետամուտ ըլլալ անոնց լուծման գործընթացին:
Կողմերը անդրադարձած են Ազերպայճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի ապօրինի փակման հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամի յաղթահարման ուղղութեամբ իրականացուող քայլերուն: Ընդգծուած է Պաքուի կողմէ 2020 Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան յաջորդական խախտումի փաստը։ Շեշտուած է այս հարցին նկատմամբ միջազգային հանրութեան համարժէք արձագանգի կարեւորութիւնը:
Անդրադառնալով հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններուն՝ Փաշինեան եւ տիկին Պրաուն-Փիվէ ընդգծած են տնտեսութեան, զբօսաշրջութեան, կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի բնագաւառներուն մէջ փոխադարձ գործակցութեան զարգացման ու ընդլայնման անհրաժեշտութիւնը: Կողմերը տեղեկացուցած են, որ յառաջիկային պիտի սկսի բանիլ Մարսիլիա-Երեւան ուղղակի թռիչքը, որ վստահաբար պիտի նպաստէ զբօսաշրջութեան ոլորտի երկկողմանի զարգացման հոլովոյթին։
Քննարկուած են նաև Հայաստանի մէջ Ֆրանսական համալսարանի գործունէութեան ընդլայնման վերաբերող հարցեր:
Այցելութիւն՝ «Զինուորի տուն» վերականգնողական կեդրոն
Ֆրանսայի Ազգային ժողովի նախագահուհին այցելած է «Զինուորի տուն» վերականգնողական կեդրոն, ուր կ՚ապաքինին ծանր վիրաւորուած զինուորները։
Այս առթիւ ան Թուիթըրի իր էջին տեղադրած գրառումով հաղորդած է, թէ «Երեւանի “Զինուորի տուն”-ը հոգ կը տանի 2020-ի հակամարտութեան վիրաւորուած զինուորներուն, անոնց վերադարձնելով ապագան եւ յոյսը։ Մենք եկած ենք լսելու այդ զինուորները եւ մեր համերաշխութիւնը յայտնելու անոնց»։