Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Երգչուհի Ռոզա Լին դիմած է միջազգային հանրութեան ի պաշտպանութիւն Արցախի հայութեան

 

«Եւրոտեսիլ 2022»-ին Հայաստանը ներկայացուցած Ռոզա Լին, վերջերս, iHeartRadio ALTer Ego համերգին բեմ բարձրացած է՝ «Դադրեցուցէք շրջափակումը» գրութեամբ հագուստով։ Ան այս առթիւ Էնսթակրամի իր հաշիւին կատարած գրառումով դիմած է միջազգային հանրութեան.

«Ես կը խնդրեմ ձեզմէ կանգնիլ իմ կողքին՝ ի պաշտպանութիւն Արցախի Հայերուն: Պէտք է դադրեցնել շրջափակումը եւ թոյլ չտալ, որ Ազերպայճան շարունակէ Հայերը ցեղային զտումի ենթարկելու իր սարսափելի քաղաքականութիւնը՝ Արցախի մէջ։ Ինչպէ՞ս կրնաք օգնել, շատ պարզ՝ սեղմելով իմ էջին զետեղուած յղումին վրայ, որ ինքնաբերաբար ձեզ կ՚առաջնորդէ Քամալա Հարիսի էջը՝ անկէ խնդրելով խախտել իր լռութիւնը եւ դադրեցնել ԱՄՆ-ու ռազմական օգնութիւնը՝ Ազերպայճանին, սկսելով մարդասիրական օգնութիւն հասցնել Արցախին»։