Թուրքիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Կարօ Փայլան Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի օրակարգին արձանագրած է Բերձորի միջանցքի փակման հարցը։
Ermenihaber-ի համաձայն՝ ան Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւթ Չաւուշօղլուին ուղղուած հարցապնդումը ներկայացուցած է մեճլիսին (խորհրդարան)։ Հոն նշուած է, որ մէկ ամիսէ աւելի է փակ կը պահուի Բերձորի միջանցքը՝ իրենք զիրենք «բնապահ» ներկայացնող Ազերպայճանցիներու խումբի մը եւ ազերպայճանական ապահովութեան ուժերու կողմէ։ Շեշտուած է, թէ այս արարքին պատճառով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած է մարդասիրական ճգնաժամ, իսկ բնական կազի եւ ելեկտրականութեան անջատումներուն պատճառով Լեռնային Ղարաբաղի 120 հազար Հայ ձմեռնային ծանր պայմաններու տակ ծանր կացութեան մէջ յայտնուած է։
Այս համածիրին մէջ Փայլան Չաւուշօղլուին յղած է հետեւեալ հարցումերը․-
1․ Ի՞նչ կ՚ընէք Լեռնային Ղարաբաղի խորացող մարդասիրական ճգնաժամի հարցը լուծելու համար։
2․ Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին կապող Լաչինի միջանցքի բացման համար ինչպիսի՞ դիւանագիտական նախաձեռնութիւններով հանդէս եկած էք։
3․ Կը գիտակցի՞ք, որ Լաչինի միջանցքի շրջափակումը կը փակէ նաեւ տարածաշրջանի խաղաղութեան համար առկայ կարելիութեան պատուհանը։
4․ Թուրքիա, որ կը պարծենայ, թէ միջամտած է աշխարհի բազմաթիւ մարդասիրական տագնապներու, ինչո՞ւ մատը չի շարժեր շրջափակման մէջ գտնուող Լեռնային Ղարաբաղի 120 հազար Հայու համար։