Արցախի Հանրապետութեան Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան Յունուար 18-ին ընդլայնուած խորհրդակցութիւն հրաւիրած է՝ պետական մարմիններու ղեկավար կազմի մասնակցութեամբ:
Ան նշած է, որ Ազերպայճանի կողմէ շարունակուող շրջափակումը կը պահանջէ ոչ միայն հրատապ խնդիրներու վերաբերեալ որոշումներու կայացում, այլեւ կը ստիպէ աշխատանքները նոր ձեւով կազմակերպելու, քանի որ նոր մարտահրաւէրներուն կարելի է դիմակայել մի՛այն համակարգուած եւ միասնական աշխատանքով: Այս կացութեան մէջ ան առանցքային համարած է կարգապահութիւնն ու թափանցիկ գործունէութիւնը:
Ռուբէն Վարդանեան յայտնած է, որ հակառակ անոր որ ազերպայճանական կողմը ամէն կերպ կը փորձէ աշխարհին ցոյց տալ, թէ շրջափակում չկայ, սակայն երէկ (Յունուար 17-ին) ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի ուղեկցութեամբ Գորիսէն Ստեփանակերտ փոխադրուող երախաներուն առնչուող միջադէպը կ՚ապացուցէ հակառակը. “Տեղի է ունեցել անընդունելի դէպք, որը հաստատեց, թէ ճանապարհը փակ է մնում: Շուրջ վեց շաբաթ ընտանիքից բաժանուած երեխաներին փորձել են վերադարձնել խաղաղապահների միջոցով, բայց տեսանք, որ նոյնիսկ այս պարագային Ադրբեջանցիները իրենց թոյլ են տուել մտնել երեխաներին տեղափոխող մեքենան, նկարահանել. սա ակնյայտ ոտնձգութիւն է եւ հոգեպէս ընկճած է երեխաներին”:
Խօսելով շրջափակման պատճառներուն մասին՝ Պետական նախարարը ըսած է. “Սա քաղաքական շրջափակում է, սա միայն ճանապարհի փակում չէ: Ադրբեջանի նպատակը Արցախի գոյութիւնը ոչնչացնելն է: Գոյութեան համար է պայքարը”:
Վարդանեան կառավարութեան անդամներուն բացատրած է կացութեան հետ կապուած իր մօտեցումները:
“Ես յստակ ասում եմ, որ մեր նպատակն է ունենալ անկախ Արցախ, որը պէտք է լինի անվտանգ եւ զարգացած։ Դա շատ կարեւոր նպատակ է, որին հասնելը շատ դժուար է։ Բայց ես դա՛ եմ համարում միակ ճանապարհը ու եկել եմ, որ միասին ամէն ինչ անենք՝ այդ նպատակին հասնելու համար”,– ընդգծած է Պետական նախարարը եւ աւելցուցած. “Յաջողութեան հասնելու մի՛ակ ճանապարհը այն է, որ մենք միասնական լինենք, ու ես, այո՛, աշխատելու եմ բոլոր նրանց հետ, ովքեր համաձայն են իմ սկզբունքների հետ: Հիմա մենք մի տեղ ենք հասել, որ ձախողելու իրաւունք չունենք”:
Գնահատելով ստեղծուած իրավիճակը՝ ան նշած է, որ չափազանց բարդ է կացութիւնը, քանի որ ճգնաժամի պայմաններու տակ արդէն հին համակարգն ու ենթակառոյցները չեն գործեր եւ անհրաժեշտ է ճգնաժամին արձագանգող ճկուն լուծումներով նոր ու աւելի արդիւնաւէտ համակարգի ձևաւորումը:
Խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած են նաեւ շրջափակման հետեւանքով շարք մը բնագաւառներու մէջ ստեղծուած խնդիրները եւ բնակչութեան կենսական գործունէութեան ապահովման ուղղուած քայլերը: