Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը հաղորդէ, թէ Յունուար 19-ի առտուան ժամերուն, Գեղարքունիքի մարզի Ազատ գիւղի տարածքին գտնուող զօրակայանին մէջ ծագած հրդեհին հետեւանքով զոհուած են 15 զինուորներ, իսկ 3 վիրաւոր զինուորի վիճակը ծանր է։
Յունուար 19-ի կառավարութեան նիստին, Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան տեղեկացուցած է, թէ Ռազմական ոստիկանութեան սկզբնական տուեալներուն համաձայն հրդեհը ծագած է ապահովութեան կանոններու խախտման հետեւանքով
Նշենք, թէ նոյն օրը, Երասխի մարտական դիրքերու ուղղութեամբ արձակուած հակառակորդի կրակոցէն ծանրօրէն վիրաւորուած է հայ զինուոր մը։