Յունուար 17-ին, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Վիեննայի մէջ հանդիպում ունեցած է ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղարուհի Հելկա Շմիտի հետ:
Կողմերը քննարկած են տարածաշրջանային հարցեր, միտքեր փոխանակած՝ նոյն օրը կայացած ԵԱՀԿ-ի մնայուն խորհուրդի յատուկ նիստին շուրջ:
Միրզոյեան անդրադարձած է Բերձորի միջանցքի փակման հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին՝ ընդգծելով, որ Ազերպայճան՝ Արցախահայութիւնը ցեղային զտման ենթարկելու նպատակ կը հետապնդէ: Ան շեշտած է միջազգային հանրութեան գործնական քայլերու անհրաժեշտութիւնը` միջանցքը բանալու ուղղութեամբ։
Հանդիպումին կողմերը քննարկած են նաեւ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւման գործընթացին առնչուող հարցեր։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարը նշած է, որ Ազերպայճանի շարունակական գրգռութիւնները, գոյացած համաձայնութիւնները անտեսելը, ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը խոչընդոտ կը հանդիսանան տարածաշրջանի ապահովութեան եւ կայունութեան հաստատման ուղղուած հայկական կողմի ջանքերուն: Միրզոյեան ընդգծած է ԵԱՀԿ-ի դերը խաղաղութեան հոլովոյթին մէջ։
Ան ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղարուհիին ներկայացուցած է նաեւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բարելաւման գործընթացի վերջին զարգացումները։