Արցախի Հանրապետութեան Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան Յունուար 18-ին նոր հարցազրոյց մը,– շուրջ 10 վայրկեան,– տուաւ ֆրանսական միջազգային France 24 հեռատեսիլին։
Ինչպէս նախորդ անգամին, Վարդանեան այս անգամ եւս հանգամանօրէն ներկայացուց ծանր իրավիճակը, նշելով թէ արդէն առկայ ծանր երեւոյթներուն վրայ եկաւ աւելնալ նոր մը եւս եւ պատմեց արցախցի երախաներուն՝ Հայաստանէն իրենց տուները վերադարձի ճամբուն վրայ ենթարկուած հոգեբանական բռնութեան արարքին մասին։ Ան կրկին շեշտը դրաւ Արցախի բնակչութեան՝ բոլոր դժուարութիւններուն դիմադրելու վճռակամութեան վրայ։
Լրագրողին հարցումին, թէ այս կացութեան հանգուցալուծման բանալիները որո՞ւն ձեռքը կը գտնուին, Վարդանեան պատասխանեց՝ Ազերպայճանի ժողովուրդին, որ 44 տարի է ենթարկուած է նոյն՝ Ալիեւ տոհմի միահեծան մենատիրութեան, որու յարատեւելու միակ միջոցը արտաքին թշնամիի պատրուակով՝ ուշադրութիւնը շեղելն ու անոր դէմ համախմբուիլն է, եւ այդպէս ալ՝ նոխազ ընտրուած է Հայը։ Իսկ «բանալի»-ներուն միւս տէրը, ըստ Վարդանեանի՝ միջազգային հանրութիւնն է, որ ճնշում պէտք է բանեցնէ Ազերպայճանի վրայ։ Ան «միջազգային հանրութիւն» հասկացութենէն առանձնացուց յատկապէս Ռուսաստանը, ԱՄՆ-ն եւ Ֆրանսան, որոնք ըստ իրեն՝ անպայման պէտք է միասնաբար վերադառնան տարածաշրջան, բանակցութիւններու միջոցով մնայուն խաղաղութիւն հաստատելու համար։