Ինչպէս գրած էինք, Եւրոպական խորհրդարանը Յունուար 18-ի լիագումար նիստին պիտի քննէր Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակման մարդասիրական հետեւանքներուն վերաբերեալ բանաձեւի նախագիծ մը։ Նախանշուած օրը տեղի ունեցած քննարկումներէ ետք Խորհրդարանը յաջորդ օր՝ Յունուար 19-ին ընդունած է բանաձեւը, ուր յատկապէս կ՚ըսուի.
«Եւրոպական խորհրդարանը.
– Կը ցաւի Լաչինի միջանցքի շրջափակման եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ողբերգական մարդասիրական հետեւանքներուն համար:
– Կը յորդորէ Ազերպայճանին յարգել եւ կեանքի կոչել 2020 Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութիւնը եւ անյապաղ վերաբանալ Լաչինի միջանցքը՝ ազատ տեղաշարժի կարելիութիւն ընձեռելով եւ ապահովելով հիմնական ապրանքներու եւ ծառայութիւններու հասանելիութիւնը՝ այդպէսով երաշխաւորելով անվտանգութիւնը տարածաշրջանին մէջ եւ ապահովելով բնակիչներու ապրուստի միջոցները։
– Կ՚ընդգծէ համապարփակ խաղաղութեան համաձայնագրի անհրաժեշտութիւնը, որ պէտք է երաշխաւորէ Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը, կոչ կ՚ընէ Ազերպայճանին պաշտպանելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապրող Հայերու իրաւունքները եւ զերծ մնալու իր հրահրիչ հռետորաբանութենէն (Հայերուն դէմ խտրական վերաբերումի կոչեր եւ Հայերուն յղուած՝ Լեռնային Ղարաբաղը լքելու կոչեր)։
– Կոչ կ՚ընէ Ազերպայճանին ապագային զերծ մնալու Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ փոխադրական միջոցները, ուժանիւթային կապերը եւ հաղորդակցութիւնը խաթարելէ:
– Խստօրէն կը դատապարտէ Ազերպայճանի կողմէ մարդկային իրաւանց պաշտպաններուն եւ քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններուն քաւութեան նոխազ դարձուիլը եւ կոչ կ՚ընէ Եւրոպական Միութեան ու անդամ պետութիւններու ներկայացուցչութիւններուն աջակցելու անոնց աշխատանքին:
– Կը դատապարտէ Ռուսաստանի խաղաղապահներու անգործութիւնը, կը գտնէ, որ ՄԱԿ-ի լիազօրութեան ներքոյ գործող ԵԱՀԿ-ի միջազգային խաղաղապահներով անոնց փոխարինման շուրջ պէտք է հրատապ բանակցութիւններ վարուին:
– Կոչ կ՚ընէ դէպի Լեռնային Ղարաբաղ անարգել մուտք տրամադրելու միջազգային կազմակերպութիւններուն՝ իրավիճակը գնահատելու եւ անհրաժեշտ մարդասիրական օգնութիւնը տրամադրելու համար:
– Կոչ կ՚ընէ ՄԱԿ-ի կամ ԵԱՀԿ-ի փաստահաւաք առաքելութիւն կազմակերպելու դէպի Լաչինի միջանցք՝ տեղւոյն վրայ մարդասիրական իրավիճակը գնահատելու համար:
– Կոչ կ՚ընէ առանց նախապայմանի անյապաղ վերսկսելու բանակցութիւնները՝ հիմնուած Հելսինքիի եզրափակիչ փաստաթուղթի սկզբունքներու հիման վրայ:
– Կոչ կ՚ընէ Եւրոպական Միութեան աշխուժօրէն ներգրաւուելով անհրաժեշտ քայլերու դիմելու, որ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչները այլեւս դադրին պատանդը ըլլալէ Պաքուի արարքներուն, Ռուսաստանի ապակառուցողական դերին եւ Մինսքի խումբի անգործութեան:
– կը յանձնարարէ իր Նախագահին սոյն բանաձեւը յանձնել Հայաստանին, Ազերպայճանին եւ միջազգային կառոյցներուն»։
***
Ազերպայճանի հասցէին վերեւ բանաձեւուած պարսաւանքները կարդալէ ետք, բանիմաց որեւէ անհատ չի կրնար ինքզինքին հարց չտալ, թէ Եւրոպական Միութեան կարեւորագոյն երկու կառոյցները՝ Եւրոպական յանձնաժողովն ու Եւրոպական խորհրդարանը ինչպէ՞ս կրնան իրարու այս աստիճան հակադիր դիրքորոշումներ ունենալ, կամ գոնէ՝ արտայայտել։ Այս երկու կառոյցներուն ըսածները եթէ համադրենք, կամ գումարենք, կը ստանանք հետեւեալը. վերեւ նշուած դատապարտելի, անընդունելի քայլերու, արարքներու հեղինակ երկիրը, ուրեմն, Եւրոպայի համար վստահելի գործընկեր մըն է։