Հինգշաբթի, Յունուար 19-ի յետմիջօրէին հոծ բազմութեան մը ներկայութեան ոգեկոչուած է 16 տարի առաջ լկտիաբար սպանուած Հրանդ Տինքի յիշատակը։ Ոգեկոչման արարողութիւնը տեղի ունեցած է այն շէնքին առջեւ, ուր կը գտնուէր անոր հիմնադրած «Ակօս»-ի խմբագրատունը եւ որու դուռէն հազիւ երկու քայլ անդին, փամփուշտներով լռեցուցին յանդուգն լրագրողը։ Այսօր, ապահովութեան նկատառումներով հոնկէ փոխադրուած է թերթը։
Այս տարուան արարողութեան, բացի եղերաբախտ լրագրողին ընտանեկան պարագաներէն, հարազատներէն, ներկայ եղած են բազմաթիւ հասարակական կազմակերպութիւններու պատասխանատուներ, երկրին իշխանութեան ընդդիմադիր ճակատի կուսակցութիւններու ղեկավարներ, երեսփոխաններ,– ի շարս որոնց՝ Կարօ Փայլան,– Տինքէն տարիներ առաջ անոր ճակատագիրը բաժնած նշանաւոր մտաւորական, լրագրող Ուղուր Մումճուի դուստրը եւ ուրիշներ։
Ժամը 15-ին մէկ վայրկեան լռութենէ ետք, բարձրախօսով սփռուած է Հրանդ Տինքի ձայնագրեալ՝ «Ջուրը գտաւ իր ակօսը» խորագրով բանախօսութիւնը։ Սփռումի աւարտին, բազմութիւնը միաբերան վանկարկած է «Ընդդէմ ֆաշականութեան՝ Հրա՛նդ, եղբարս ես», «Բոլորս Հրանդ ենք, բոլորս Հայ ենք», «Մենք աւարտեցաւ չըսած՝ այս դատը պիտի չաւարտի» լոզունգները։
Այնուհետեւ, ինչպէս աւանդութիւն դարձած է, թերթին այդ ժամանակուան խմբագրատան պատուհանէն արտասանուած է օրուան ելոյթը։ Այս տարի այդ պարտականութիւնը ստանձնած է բեմադիր Էմին Ալփեր։