Շիրակի մարզպետ Նազելի Բաղդասարեան, մարզային իշխանութեան ներկակացուցիչներու, Անի համայնքի ղեկավարի պաշտօնակատար Արման Սարիբէկեանի հետ Յունուար 21-ին ներկայ եղած է Թուրքիոյ սահմանամերձ Հայկաձոր բնակավայրի չէզոք գօտիին մէջ գտնուող Կարմիր վանքի` Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ նոր խաչի օծման արարողութեան։
Խաչը օծուած է Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանի ձեռամբ, որմէ ետք հայկաձորցիները զայն տեղադրուած են վանքի գմբէթին։
Եկեղեցին խաչէն զրկուած էր 2015-ին՝ զօրաւոր քամիի հետեւանքով։ Բազմաթիւ փորձութիւններէ անցած, բայց կանգուն մնացած եկեղեցւոյ գմբէթն ու խաչը վնասուած էին 1990-ականներուն` անկախացման տարիներուն, երբ Թուրքիա փակած էր Հայաստանի հետ սահմանը։
Ըստ արձանագրութեան, եկեղեցւոյ կառուցման նախաձեռնողը եղած է Հոռոմոս վանքի առաջնորդ Սարգիս եպիսկոպոսը, ճարտարապետը՝ Սամեհա, 980-985 թուականներուն։