Յունուար 23-ին, Եւրոպական Միութիւնը համաձայնած է նոր քաղաքացիական առաքելութիւն ղրկելու շուրջ հայ-ազերպայճանական սահման, երկու տարուան պայմանաժամով, ապահովութեան եւ պաշտպանութեան ընդհանուր քաղաքականութեան ծիրին մէջ: Առաքելութեան նպատակն է նպաստել Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններու կայունութեան, ստեղծելու համար Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ջանքերուն նպաստող միջավայր մը:
«Հայաստանի մէջ Եւրոպական առաքելութեան հաստատումը Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպայի Միութեան ներգրաւման նոր փուլի մը սկիզբն է։ Եւրոպական Միութիւնը յանձնառու է սերտօրէն համագործակցելու երկու կողմերու հետ՝ տարածաշրջանիn մէջ կայուն խաղաղութեան վերջնական նպատակին հասնելու համար»,– յայտնած է Եւրոպական Միութեան Արտաքին գործոց եւ ապահովութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար, Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ Խոսեփ Պորէլ:
Այս առթիւ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, թէ ի պատասխան Հայաստանի խնդրանքին՝ առաքելութիւնը կանոնաւոր կերպով հսկողութիւն պիտի կատարէ շրջանին մէջ եւ իրավիճակի մասին պիտի զեկուցէ, որպէսզի Եւրոպական Միութիւնը աւելի հիմնաւոր պատկերացում ունենայ տեղւոյն կացութեան շուրջ: Առաքելութիւնը նաեւ պիտի նպաստէ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի միջնորդական ջանքերուն:
Հայաստան ողջունած է ԵՄ-ի որոշումը
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, որ նոյն օրը Պրիւսէլ կը գտնուէր, ողջունած է Եւրոպական Միութեան այս որոշումը:
«Մենք պատրաստակամօրէն պիտի համագործակցինք առաքելութեան հետ եւ պիտի աջակցինք անոր գործունէութեան։ Այս առաքելութիւնը պիտի նպաստէ տարածաշրջանի խաղաղութեան, կայունութեան եւ անվտանգութեան»,– շեշտած է Միրզոյեան՝ թուիթըրեան իր էջին կատարած գրառումով։