Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Յունուար 23-ին Պրիւսէլի մէջ հանդիպում ունեցած է ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկի հետ:
Հանդիպումին՝ կողմերը միտքերու փոխանակում ունեցած են ընդհանուր հետաքրքրութիւն ներկայացնող տարածաշրջանային եւ միջազգային ապահովութեան հարցերու շուրջ։
Նախարարը Սթոլթենպերկին ներկայացուցած է Ազերպայճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի ապօրինի փակման պատճառով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամը, ազերպայճանական իշխանութիւններու՝ տեղւոյն բնակչութիւնը ցեղային զտման ենթարկելու շարունակական քաղաքականութեան հետեւանքները։ Այս համածիրին մէջ ընդգծուած է միջազգային հանրութեան յստակ գործողութիւններու կարեւորութիւնը` Արցախի անմարդկային պաշարման վերջ տալու եւ Ազերպայճանը բանակցութեան սեղան վերադարձնելու նպատակով։
Արարատ Միրզոյեան անդրադարձած է նաեւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման հոլովոյթի առկայ զարգացումներուն:
Զրուցակիցները գոհունակութիւն յայտնած են Հայաստան-ՕԹԱՆ քաղաքական երկխօսութեան մակարդակին մասին, անդրադառնալով համագործակցութեան ներկայ ծրագրերուն եւ հեռանկարներուն։