Պոլսոյ երբեմնի հայ գործարարական աշխուժ թաղամաս Գարագիւղի Սուրբ Փրկիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ Յունուար 23-ի իրիկունը, ժամը 21.15-ի շուրջ հրդեհ ծագած է։ Ըստ նախնական տուեալներու՝ եկեղեցւոյ հիւրատան մէջ ծագած հրդեհը երկու կեանք խլած է։ Երկու հոգի ալ հիւանդանոց փոխադրուած է։
Հրդեհի վայր այցելած են Պոլսոյ Պէյօղլու շրջանի ղեկավար Մուսթաֆա Տեմիրէլլի եւ Թուրքիոյ հայ կաթողիկէ համայնքի հոգեւոր առաջնորդ Լեւոն Զեքիեան։