Ազերպայճանի կողմէ խափանարարական արարքներու հետեւանքով Արցախի մէջ օրերէ ի վեր դադրեցուած է կազամատակարարումը։
Խողովակներու մէջ մնացածին շնորհիւ վերջին օրերուն որոշ չափով հնարաւոր էր կազով ապահովել առողջապահական հաստատութիւնները, հացի փուռերը, ինչպէս նաեւ կազալցակայանները:
Արցախի Տեղեկատուական կեդրոնը կը հաղորդէ, թէ Յունուար 24-էն կը դադրեցուի կազալցակայաններու գործունէութիւնը եւ խողովակներու մէջ կուտակուած կազը այսուհետեւ կը տրամադրուի առողջապահական եւ կենսական նշանակութեան կեդրոններուն: