Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ռուբէն Վարդանեան. «Իրենց հողի վրայ արժանապատիւ ապրելու Արցախցիների պայքարը նաեւ աշխարհի համար է կարեւոր»

 

Արցախի բարեկամներու հեռավար հաւաքը՝ 40 երկիրներէ շուրջ 300 ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ

Յունուար 24-ի երեկոյեան  կազմակերպուած է Արցախի բարեկամներու հեռավար հաւաքը՝  «Արցախ. 44-օրեայ շրջափակում» բնաբանով, որուն մասնակցած են հասարակական-քաղաքական, մշակութային գործիչներ, խորհրդարանականներ,  իրաւապաշտպաններ, հետազօտական-վերլուծական նշանաւոր կեդրոններու, միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններու, գործարար շրջանակներու օտարազգի շուրջ 300 ներկայացուցիչներ` աւելի քան 40 երկիրներէ:

Ձեռնարկին նպատակն էր Արցախի  բարեկամներուն ներկայացնել Ազերպայճանի կողմէ 44 օրէ ի վեր շարունակուող ապօրինի շրջափակման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը, հետզհետէ խորացող մարդասիրական խնդիրները, ուժանիւթի ճգնաժամը, ինչպէս նաեւ՝ ընկերային եւ քաղաքական խնդիրներու յաղթահարման միջոցներն ու մօտեցումները:

Իբրեւ հիմնական բանախօսներ հանդէս եկած են Արցախի Հանրապետութեան Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան եւ Արցախի մարդկային իրաւանց պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան։ Մասնակիցներու բազմաթիւ հարցումներուն պատասխանած են նաեւ Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Ղազարեան, Ազգային ժողովի երեսփոխան Դաւիթ Մելքումեան եւ Պետական նախարարի խորհրդական Արտակ Բեգլարեան:

Վարդանեան շնորհակալութիւն յայտնած է Արցախի բարեկամներուն՝ նշելով, որ Արցախցիները կը գնահատեն բոլոր անոնց ջանքերը, որոնք այս ծանր կացութեան մէջ անտարբեր չեն եւ Արցախցիներու կողքին են:

“Չնայած մենք ծանր իրավիճակում ենք, բայց ես լաւատես եմ, որովհետև տեսնում եմ Արցախցիների ոգին ու  կամքի ուժը, եւ  ինձ համար մեծ հպարտութիւն է այս մարդկանց կողքին կանգնելը։ Մենք պատրաստ ենք ամէն դժուարութիւն կրելու, որովհետեւ արժանապատիւ ապրելու ձգտումը եւ սէրը դէպի հայրենիքը մեծ ուժ է տալիս: Արցախի եւ Արցախցիների՝ իրենց հողի վրայ արժանապատիւ ապրելու իրաւունքի պայքարը ոչ միայն Հայերի, այլեւ աշխարհի համար է կարեւոր, քանի որ այն արժանապատւութիւնը, արժէքները պահպանելու պայքար է”,– ըսած է Պետական նախարարը:

Գեղամ Ստեփանեան ներկայացուցած է շրջափակման հետևանքով մարդկային հիմնական իրաւունքներու խախտումներն ու մարդասիրական խնդիրները: Ան նշած է, որ շրջափակումը միայն դատարկ ցուցափեղկերը չեն, այլեւ՝ ազատ տեղաշարժի, առողջութեան, կրթութեան, պատշաճ սնուելու իրաւունքներու խախտումներն են, տնտեսութեան ու ենթակառոյցներու քայքայումն է, բնակչութեան նկատմամբ հոգեբանական ճնշումներն են, Հայաստանէն Արցախ վերադարձող երախաներու ահաբեկումն է:

“Ադրբեջանն իրականացնում է յատուկ յանցաւոր քաղաքականութիւն, որը միտուած է հայրենազրկելու Արցախում ապրող Հայերին, ոչնչացնելու նրանց։ Իրավիճակը պահանջում է միջազգային հանրութեան յստակ արձագանգը։ Միջազգային հանրութիւնը, այո՛, պատասխանատւութիւն ունի պաշտպանելու մարդու իրաւունքները։ Մարդու իրաւունքն այլեւս պետութեան հայեցողութեան հարց չէ: Որպէս մարդու իրաւունքների պաշտպան՝ օգտագործելով այս առիթը, ցանկանում եմ դիմել ձեզ եւ խնդրել, որ գործադրէք բոլոր ջանքերը, որ միջազգային հանրութիւնը ստանձնի իր պատասխանատւութիւնը եւ իրական քայլեր ձեռնարկի՝ զսպելու Ադրբեջանի յանցաւոր քաղաքականութիւնը”,– ընդգծած է Գեղամ Ստեփանեան։

Արտակ Բեգլարեան նշած է, թէ Արցախի ժողովուրդը կ՚ակնկալէ, որ միջազգային իրաւունքով հաստատուած չափանիշերը պաշտպանուին նոյն միջազգային իրաւունքի պատասխանատուներուն, դերակատարներուն կողմէ.

“Միջազգային հանրութիւնը պէտք է ցոյց տայ, որ Ադրբեջանը բարձր գին է վճարելու յանցագործութիւնների համար։ Բոլոր երկրներից ակնկալում ենք, որ հանդէս գան Արցախի մեկուսացման դէմ եւ Արցախի միջազգային ներգրաւուածութեան ապահովման հարցը լուծեն: Այստեղ կրկին բոլոր երկրների, առաջին հերթին՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահ երկրների՝ Ռուսաստանի, ԱՄՆ-ի եւ Ֆրանսիայի համագործակցութիւնը շատ կարեւոր է”:

Նախարար Սերկէյ Ղազարեան նկատել տուած է, որ  Ազերպայճանի  տարիներէ ի վեր միջազգային իրաւունքի չափանիշերու ոտնահարումներու, պատերազմական գործողութիւններու անպատիժ մնալն է, որ յանգեցուցած է այսօրուան իրավիճակին:

“Մինչեւ Ադրբեջանը չպատժուի, նման ցեղասպանական քաղաքականութիւնը շարունակելու է։ Պատժամիջոցներ պէտք է կիրառուեն ոչ թէ Ադրբեջանի ժողովրդի դէմ, այլ՝ այն անձանց, ովքեր ներգրաւուած են քաղաքական որոշումների կայացման գործընթացում։ Մեր բոլորի, առաջին հերթին՝ մեր բարեկամների ջանքերը պէտք է կեդրոնացած լինեն այս ուղղութեան վրայ”,– շեշտած է ան:

Երեսփոխան Դաւիթ Մելքումեան յայտնած է, թէ  այս անգամ ընտրելով բնապահական կեղծ օրակարգը՝ Ազերպայճանցիները կը փորձեն այդպէսով աշխարհի համար «գրաւիչ» նիւթ գտնել՝ հաշուարկելով, որ անոր քօղին տակ կրնան օրինականացնել իրենց յանցագործութիւնը։

“Բայց նրանց  այդ հաշուարկները չեն արդարացել: Այս 44 օրուան ընթացքում մեր ժողովուրդը ցոյց տուեց իր կամքը, որ պատրաստ է այս պայքարին”,– եզրակացուցած է ան։

Հանրապետութեան ներկայացուցիչները Արցախի բարեկամներուն կոչ ուղղած են շարունակելու  միջազգային հարթակներու վրայ իրենց ջանքերը՝ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան, կայուն անվտանգութիւնը երաշխաւորելու միտող միջազգային գործիքակազմերու բարելաւման, ցամաքային բնականոն հաղորդակցութեան վերականգնման, օդային մարդասիրական միջանցքի բացման, ինչպէս նաեւ՝ Ազերպայճանի ոճրային գործողութիւններու դատապարտման, այդ իշխանութիւններու դէմ պատիժներու կիրարկման ուղղութեամբ։