«Հայաստան» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեան «Ազատութիւն» լրասփիւռին հաղորդած է, թէ «Հայաստան» հիմնադրամի շուրջ 100 թոն մարդասիրական բեռը տակաւին Արցախ չէ հասած։ Բեռը կը գտնուի Գորիսի պահեստին մէջ։ “Հիմնադրամի մթերքը տեղ հասնելուն պէս պիտի բաշխուի անապահով ընտանիքներուն, բնականաբար, անվճար”,– ըսած է Արշամեան։
Արցախի ընկերային զարգացման նախարարութենէն կը տեղեկացնեն, որ ռուս խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան հետ բանակցութիւններ կ՚ընթանան՝ ստեղծուած ճգնաժամային իրավիճակին մէջ մարդասիրական բեռը տեղ հասցնելու ուղղութեամբ: