Յունուար 24-ին, Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանուհի Ծովինար Համբարձումեան մասնակցած է խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնաժողովի ունկնդրութիւններուն, եւ հանդէս եկած է Արցախի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ ընդարձակ ելոյթով։ Ան նաեւ պատասխանած է երեսփոխաններու հարցումներուն:
Ան յատկապէս նշած է. «Անգամ մը եւս ընդգծելով տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու հայկական կողմի վճռականութիւնը՝ Հայաստան իր միջազգային գործընկերներուն կոչ կ՚ընէ նպատակաուղղուած յայտարարութիւններու եւ գործողութիւններու միջոցով Ազերպայճանին պարտադրել, որ անյապաղ վերջ տայ Բերձորի միջանցքի շրջափակման եւ ապահովէ միջազգային կազմակերպութիւններու Արցախ մուտքը, յարգէ 2020 Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ հռչակագիրը, վերջ դնէ բոլոր ռազմատենչ եւ սպառնալից յայտարարութիւններուն, ատելութեան հռետորաբանութեան, ազերպայճանական զօրքերը քաշէ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքէն, ազատ արձակէ բոլոր ռազմագերիները»: