Պոլսոյ հայ կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ հիւրատան մէջ ծագած հրդեհէն ետք, Թուրքիոյ մէջ սկսած են յօդուածներ գրել սոյն եկեղեցւոյ հրաշագործութիւններուն մասին։
Թրքական Hürriyet–ը անդրադարձած է Սուրբ Փրկիչի հիմնադրութեան եւ անկէ յետոյ տեղի ունեցած հրաշքին։
Գարագիւղի հայկական եկեղեցւոյ հիմքերը դրուած են 1831 թուականին, իսկ օծումը տեղի ունեցած՝ 1834 Յունուար 13–ին։
Եկեղեցւոյ բացման ժամանակ Պոլսոյ մէջ տարածուած էր ժանտախտը։ Եեկեղեցւոյ հայ հոգեւորականները օրուան սուլթան Մահմուտ 2-րդի արտօնութեամբ, Վատիկանէն ուղարկուած Աստուածամօր սրբապատկերը պտըտցուցած են քաղաքի փողոցներուն մէջ եւ աղօթած, որ ժանտախտը անհետանայ։ Եւ շատ կարճ ժամանակ անց հիւանդութիւնը չքացած է։
Պոլսոյ բնակիչները այս հրաշքը կը կապեն հայկական եկեղեցւոյ հետ եւ բոլորը հոն կը փութան։
Իր կարգին սուլթան Մահմուտ 2-րդ որպէս շնորհակալութիւն՝ հայկական Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյն կը նուիրէ 8 անկիւն ունեցող բարձրորակ ադամանդներէ զարդ մը, որ իւրաքանչիւր Յարութեան տօնին կը կախեն Աստուածամօր սրբապատկերին վրայ։