Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Փաշինեան. «Պաքուի ծրագիրն է՝ ճնշումը հասցնել բեկումնային կէտի մը եւ Արցախահայերը հեռանալու ստիպել»

Յունուար 26-ի կառավարութեան նիստին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անդրադառնալով Բերձորի միջանցքի հարցին ըսած է, թէ Հայաստանի տեղեկութիւններով՝ Պաքուի ծրագիրն է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տնտեսական, հոգեբանական ճնշումը հասցնել բեկումնային կէտի մը, անկէ յետոյ քանի մը օրով բանալ միջանցքը՝ այն ակնկալիքով, որ Արցախի Հայերը զանգուածաբար կը լքեն իրենց տուները։ Յետոյ կրկին փակել միջանցքը, վերջը դարձեալ քանի մը օրով բանալ, եւ այսպէս շարունակ, մինչեւ որ վերջին Հայը լքէ Արցախը։

“Սա ցեղային զտման բացայայտ քաղաքականութիւն է, ու եթէ մինչ այս միջազգային հանրութիւնը թերահաւատութեամբ էր վերաբերւում ցեղային զտման մասին մեր ահազանգերին, հիմա տեսնում ենք, որ այս ընկալումը դանդաղ, բայց հաստատուն քայլերով միջազգային հանրութեան շրջանակում ամրապնդւում է”,– շեշտած է Փաշինեան, աւելցնելով, թէ Ազերպայճան տեւաբար կը պնդէ, որ Արցախի կազի ու ելեկտրականութեան մատակարարումը անխափան է, միջանցքն ալ փակ չէ, բայց Հայաստան կը պնդէ հակառակը։ “Հակասութիւնը լուծելու լաւագոյն ձեւը Բերձորի միջանցք եւ Արցախ փաստահաւաք առաքելութիւն գործուղելն է”,– եզրափակած է ան։