Նախարար Տարմանէն. «Հայաստանի եւ Հայոց հակառակորդը՝ Ֆրանսայի ալ հակառակորդն է»
Չորեքշաբթի, Յունուար 25-ի երեկոյեան, Փարիզի «Հոթէլ տէ Գոլեքսիոնէօր» պանդոկի շքեղ սրահներուն մէջ տեղի ունեցաւ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի՝ CCAF-ի աւանդական ընթրիքը։
Ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի եւս նախագահ Մաքրոն ներկայ չէր։ Ան, իր բացակայութիւնը կը պատճառաբանէր այսուհետեւ տարբեր համայնքներու ընթրիքներուն չմասնակցելու իր որոշումով։ Զինք կը ներկայացնէր Ներքին գործոց նախարար Ժերալտ Տարմանէն։ Սեղանը, անոր քով տեղ գրաւած էր հայամէտ իր դիրքորոշումով ծանօթ Կապրիէլ Աթալ՝ Տնտեսութեան, ելեւմուտի, ճարտարարուեստի եւ թուայնացման պատուիրակ նախարար։ Անկարելի է մէկ առ մէկ յիշել Ֆրանսայի քաղաքական դասու ծանօթ բոլոր անունները, որոնք ներկայ էին։ Բայց եւ այնպէս անոնցմէ թուենք ամէնէն ծանօթները. Փարիզի քաղաքապետուհի՝ Անն Հիտալկօ, Հօ-տը-Ֆրանս շրջանի նախագահ Զաւիէ Պերթրան, Հօ-տը-Սէն նահանգի նախագահ Ժորժ Սիֆրետի, «Հանրապետականներ» կուսակցութեան նորընտիր նախագահ Էրիք Սիոթի, Ծերակոյտի Հանրապետականներու նախագահ Պրիւնօ Ռըթայօ, Ընկերվարական կուսակցութեան նորընտիր նախագահ Օլիվիէ Ֆոռ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով ծերակուտականներ, երեսփոխաններ, եւրոերեսփոխաններ, քաղաքապետեր ու կցորդներ, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրեալներ, նախկին ու ներկայ դեսպաններ, բարձրաստիճան կրօնականներ…։
Ինչպէս վերջին տարիներու ընթրիքներուն, այս երեկոյթին եւս հանդիսավարութեան պաշտօնը ստանձնած էր ֆրանսահայ ծանօթ լրագրող Շառլ Վիլնէօվ։ Ան իր բացման խօսքին մէջ, յարգելու համար՝ Ազերպայճանցիներու անդադրում ոտնձգութիւններուն դէմ՝ Արցախի ու Հայաստանի պաշտպանութեան ընթացքին նահատակուած հայ զինուորներու յիշատակն ու անոնց սխրանքը, ներկաները հրաւիրեց զանոնք ծափահարելու։ Հարիւրաւոր ներկաները անմիջապէս ընդառաջեցին հրաւէրին ու յոտնկայս բուռն ծափահարութիւններով մատուցեցին իրենց յարգանքը։
Վիլնէօվ խօսքը տուաւ Փարիզի քաղաքապետուհիին, որ բաւական երկար ելոյթ մը ունեցաւ։ Անոր յաջորդեցին CCAF-ի համանախագահներ՝ Մուրատ Փափազեան եւ Արա Թորանեան։ Ապա խօսք առին նաեւ Զաւիէ Պերթրան եւ Ժերալտ Տարմանէն, որ արտայայտուեցաւ Հանրապետութեան նախագահին անունով։ Կը մէջբերենք որոշ հատուածներ անոր ուղերձէն.
«(…) Ֆրանսական կառավարութեան համար՝ Լաչինի (Բերձորի) միջանցքի խափանման պատասխանատուն է Ազերպայճան, ինչ որ դէմ է անոր ստանձնած միջազգային բոլոր յանձնառութիւններուն։ Ռուսաստան կ՚ուզէ հաւատացնել, որ կը խաղայ խաղաղապահի ու Արցախի բնակիչներու պաշտպանի դեր, բայց անկարող է վերականգնելու ազատ տեղաշարժը։ Անկարո՞ղ է, թէ՞ կը դժկամի, այդ ալ ուրիշ հարց է։ Բերձորի միջանցքը պէտք է անմիջապէս վերաբացուի եւ Ֆրանսա պիտի ընէ իր ամբողջ կարելին։ (…) Ֆրանսա իր ջանքերը պիտի շարունակէ Ազերպայճանի մէջ պահուող բոլոր հայ գերիներու տուն վերադարձը ապահովելու համար։ (…) Ֆրանսա պիտի շարունակէ ի գործ դնել իր ջանքերը հայկական ժառանգութեան բնաջնջման դէմ պայքարին մէջ։ (…) Ինչ կը վերաբերի Ֆրանսահայոց պաշտպանութեան՝…«Ֆրանսահայուն դպչիլը՝ համազօր է Ֆրանսային դպչելու»։ «Հայաստանի, Հայոց հակառակորդները՝ Ֆրանսայի ալ հակառակորդներն են»…
Վերջաւորութեան, ըստ աւանդութեան՝ յանձնուեցաւ CCAF-ի շքաններ անձերու, որոնք անվերապահօրէն կը պայքարին Հայոց արդար դատին, կամ տուեալ պահու՝ այս կամ այն դատին ի խնդիր։ Այս տարի այդ շքանշանները յանձնուեցան գրող Սիլվէն Թեսոնին, լրագրողներ՝ Ֆրանց-Օլիվիէ Ժիզպէրին եւ Ժան-Քրիսթոֆ Պիւիսոնին։
Թ.Շ.