Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԵԽԽՎ-ն Ազերպայճանին կոչ յղած է ազատ արձակելու հայ ռազմագերիները

 

Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը (ԵԽԽՎ) Ազերպայճանին կոչ յղած է անյապաղ ազատ արձակելու հայ ռազմագերիները։

«Յունուար 26-ին, Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը որդեգրած է “Յառաջընթացը Վեհաժողովի դիտորդական գործընթացներուն մէջ” (Յունուար-Դեկտեմբեր 2022) բանաձեւը: Քուէարկութեամբ ընդունուած են բանաձեւին մէջ հայկական պատուիրակութեան կողմէ առաջարկուած փոփոխութիւնները՝ Ազերպայճանի մէջ բանտարկուած հայ ռազմագերիները շուտափոյթ ազատ արձակելու եւ Բերձորի միջանցքի առնչութեամբ Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանի միջանկեալ միջոցները գործադրելու վերաբերյալ»,– նշուած է Եւրոպայի խորհուրրդին մէջ Հայաստանի ներկայացուցչութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։