Յունուար 27-ին, Ստեփանակերտի մէջ դիմաւորուած են Կարմիր խաչի միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ Երեւանէն վերադարձած 15 երախաներ:
«Արցախփրէս»-ի համաձայն՝ Ազերպայճանի կողմէ Արցախի շրջափակման հետեւանքով շուրջ 47 օր իրենց ընտանիքներէն բաժնուած երախաները «Մենք ենք, մեր սարերը» յուշակոթողի տարածքին դիմաւորած են անոնց ծնողները, ընկերները, բարեկամներն ու բազմաթիւ համաքաղաքացիներ։