Այցելութիւն՝ Մարտունիի շրջանի բնակիչներուն
Արցախի Հանրապետութեան Պետական նախարար, Տեղեկատուական կեդրոնի ղեկավար Ռուբէն Վարդանեան Յունուար 27–ին շարունակած է համայնքային այցերը եւ հանդիպումներ ունեցած է Մարտունիի շրջանի Սպիտակաշէն, Հաղորտի եւ Մուշկապատ գիւղերու բնակիչներուն հետ:
Նախարարը ներկայացուցած է Ազերպայճանի պարտադրած շրջափակման հետեւանքով ստեղծուած ճգնաժամային իրավիճակը եւ Տեղեկատուական կեդրոնին կողմէ իրականացուող աշխատանքները:
Հանդիպումներուն մասնակից Մարտունիի բնակիչներուն հարցումները առաւելաբար կը վերաբերէին Արցախի ապահովութեան եւ ապագային: Ռուբէն Վարդանեան անգամ մը եւս ընդգծած է, թէ իրեն համար յստակ է, որ այս կացութեան մէջ կարելի բոլոր միջոցներով ու գործիքակազմերով պէտք է շարունակել պայքարը. “Պայքար չի նշանակում պատերազմ։ Պայքարել նշանակում է, որ մենք չենք համաձայնում այն ճանապարհին, որն առաջարկել է Ադրբեջանը։ Դուրս չենք գալու մեր հայրենիքից՝ անկախ դժուարութիւններից”։
Ան յիշեցուցած է, որ միջազգային կարեւոր դերակատարները եւս յայտարարած են, որ Արցախի հարցը փակուած չէ: Պատասխանելով օգնութեան ակնկալիքներու մասին հարցումին՝ Պետական նախարարը յայտնած է, որ պէտք չէ ոեւէ մէկուն վրայ յոյս դնել եւ ձեռնածալ նստիլ. “Առաջինը մե՛նք մեր գործը պէտք է անենք, յետոյ նոր օգնութիւն ակնկալենք: Եթէ ոչինչ չես անում, միայն յոյսդ դնում ես ուրիշի վրայ, ոչինչ չի ստացւում, բայց եթէ պայքարում ես ու գործ ես անում, բոլորովին այլ իրավիճակ է ստեղծւում”:
Մասնակից մարտունեցիները նշած են, թէ ո՛չ մէկ պարագայի կը պատրաստուին հեռանալու հայրենիքէն ու լքելու իրենց տուները:
Հանդիպումին քննարկուած են նաեւ շարք մը այլ հարցեր: Նախարարը նշած է, որ այս կացութեան մէջ շատ կարեւոր է պահպանել բնակչութեան հետ կապը, եւ առ այդ Տեղեկատուական կեդրոնի միւս անդամները, Ազգային ժողովի երեսփոխանները նոյնպէս հանդիպումներ կ՚ունենան Արցախի տարբեր համայնքներուն հետ։