Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Բանակի օրուան առիթով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ այլ պաշտօնատար անձինք այցելած են Եռաբլուր

Յունուար 28-ին, Բանակի օրուան առթիվ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան,  Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի և այլ պաշտօնատարներու հետ այցելած է Եռաբլուր, ուր յարգանքի տուրք մատուցած է իրենց կեանքը Հայրենիքի անկախութեան համար զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին:

Վարչապետը ծաղիկներ խոնարհած է Սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի, Անդրանիկ Օզանեանի շիրիմներուն եւ ծաղկեպսակ՝ զոհուած ազատամարտիկներու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրին: