Ռուբէն Վարդանեանի հանդիպումը Ստեփանակերտի տարբեր թաղերու բնակչութեան հետ
Արցախի Հանրապետութեան Պետական նախարար, Տեղեկատուական կեդրոնի ղեկավար Ռուբէն Վարդանեան Յունուար 29-ին Ստեփանակերտի տարբեր թաղերուն մէջ հանդիպումներ ունեցած է բնակչութեան հետ:
Ան խօսած է ա՛յն մարտահրաւէրներուն եւ խնդիրներուն մասին, որոնց դէմ-յանդիման կը գտնուին պետութիւնն ու հասարակութիւնը՝ պարտադրուած շրջափակման պատճառով:
Նախարարը ներկայացուցած է Տեղեկատուական կեդրոնին կողմէ բնակչութեան կենսական գործունէութեան ապահովման, հրատապ խնդիրներու լուծման, ճգնաժամի հետեւանքները մեղմելու, ինչպէս նաև ապաշրջափակման ուղղութեամբ տարբեր բնագաւառներու մէջ տարուող աշխատանքները: Ան կարեւոր համարած է այս բարդ ժամանակաշրջանին ժողովուրդին հետ ուղղակի կապի պահպանումը, ամբողջական տեղեկութիւններու հաղորդումը, որ հանրութեան կ՚օգնէ աւելի լաւ հասկնալու իրավիճակն ու միատեղ ջանքերով յաղթահարելու զայն: “Եթէ մենք ուզում ենք, որ Ադրբեջանն Արցախը հայաթափելու իր ծրագրերում չյաջողի, մենք ունենք մէկ ճանապարհ՝ սեղմել ատամներն ու առաջ գնալ: Ու դա կարող ենք անել միայն համախմբուելու միջոցով”,– շեշտած է Վարդանեան:
Հանդիպման աւարտին նախարարը լսելէ ետք բնակչութեան կարծիքներն ու մօտեցումները, պատասխանած է զայն յուզող բազմաթիւ հարցումներուն։
Մասնակիցները վստահեցուցած են, որ ո՛չ մէկ շրջափակում կրնայ կոտրել հայրենի հողին վրայ իրենց արժանապատիւ կեանքը շարունակելու հաստատակամութիւնը: