Բրիտանական Start բարեսիրական հիմնադրամը 350.000 սթերլին յատկացուցած է Բերձորի միջանցքի շրջափակումէն տուժածներու աջակցութեան:
«Արմէնփրէս»-ի համաձայն՝ լուրը հաղորդած է Մեծն Բրիտանիոյ Արտաքին գործոց նախարարի ներկայացուցիչ Տեյվիտ Ռըթլի, որուն խօսքերը Դիմագիրքի իր էջին հրատարակած է Միացեալ Թագաւորութեան Հայ դատի յանձնախումբը (ANC UK):