Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՄԱՐՍԻԼԻԱ – ՀՅԴ պատուիրակութիւն մը մասնակցեցաւ Ֆրանսայի Ընկերվարական կուսակցութեան 80-րդ համագումարին

Ֆրանսայի ընկերվարական կուսակցութեան 80-րդ ընդհանուր ժողովը տեղի ունեցաւ Մարսիլիոյ Ֆարօ պալատի դահլիճին մէջ:

ՀՅԴ-ն հրաւիրուած էր այս համագումարին եւ մասնակցեցաւ եռանդամ պատուիրակութեամբ մը:

Կազմակերպական ներքին վերիվայրումներ ապրող Ընկերվարական կուսակցութիւնը, որ խորհրդարանական լուրջ ընդդիմութիւն է այսօր երկու պալատներուն մէջ՝ Ազգային Ժողով եւ Ծերակոյտ, այս համագումարի ընթացքին յաջողեցաւ հարթել ներքին հոսանքներու միջեւ իր տարակարծութիւնները եւ դուրս եկաւ վերամիաւորուած:

Ընդհանուր ժողովը լայն մեծամասնութեամբ յաջորդական երրորդ անգամ ըլլալով կուսակցութեան ղեկավար ընտրեց երեսփոխան Օլիվիէ Ֆոռը:

Համագումարին՝ ՀՅԴ-ի կողմէ ելոյթ ունեցաւ Յարութ Մարտիրոսեան, որուն խօսքին ամբողջ կորիզը կազմեց Արցախը: Ան վաւերական տուեալներով ներկայացնելէ ետք Արցախի հայկականութեան դարաւոր պատմականը, ապա նաեւ ՀՅԴ-ի եւ Ֆրանսայի ընկերվարական կուսակցութեան երկարամեայ սերտ կապերը, պահանջեց, որ Ընկերվարական կուսակցութիւնը առաւել խստութեամբ ճնշում բանեցնէ ֆրանսական իշխանութիւններուն վրայ, որ առաջին հերթին անյապաղ վերաբացուի Բերձորի միջանցքը եւ 120 հազար մեր հայրենակիցներուն կեանքը փրկուի, ապա նաեւ արցախեան օրակարգով Փարիզ զօրակցի հայկական կողմի արդար ու իրաւական պահանջին: Յարութ Մարտիրոսեան ընդգծեց Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի հակահայ թշնամական քաղաքականութիւնը, Հայաստանի ու հայութեան դէմ Էրտողան-Ալիեւ ֆաշական զոյգին համագործակցութիւնը, պահանջելով, որ ժողովրդավարութեան պաշտպան Եւրոպական Միութիւնը պատիժներ կիրարկէ Անգարայի եւ Պաքուի դէմ եւ ոչ թէ սիրաբանի անոնց հետ՝ յանուն քարիւղի:

Համագումարը յոտնկայս արձագանգեց ՀՅԴ պատգամաբերի խօսքին, իսկ ղեկավար տարբեր անձնաւորութիւններ իրենց ելոյթներու ընթացքին անվերապահ զօրակցութիւն յայտնեցին եւ հաստատեցին, որ այս ուղղութեամբ պատրաստ են գործնապէս աշխատանք տանելու:

ՀՅԴ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ