Յունուար 30-ին, ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային ատեանին մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեան ներկայացուցած է Հայաստանի միջանկեալ պահանջները Ազերպայճանի նկատմամբ։
Ցեղային խտրականութեան վերացման յանձնախումբի վարոյթի շրջանակին մէջ, Ազերպայճանի դէմ Հայաստանի ներկայացուցած դիմումի ունկնդրութեան ընթացքին Եղիշէ Կիրակոսեան նշած է, որ Հայաստան կը խնդրէ ատեանէն՝ պարտադրել հետեւեալ միջանկեալ միջոցները նախքան այս գործով վճիռ կայացնելը:
«Ազերպայճան պէտք է դադրեցնէ իր օժանդակութիւնը, այսպէս կոչուած, բողոքի ցոյցերուն, որոնք կը խաթարեն ազատ տեղաշարժը Բերձորի միջանցքով՝ երկու ուղղութեամբ: Ազերպայճան պէտք է երաշխաւորէ Բերձորի միջանցքով բոլոր անձանց, բեռներու եւ հաղորդակցութեան միջոցներու անխափան տեղաշարժը՝ երկու ուղղութեամբ:
Ազերպայճան անմիջապէս պէտք է ամբողջովին վերականգնէ եւ ձեռնպահ մնայ խաթարելէ կամ խանգարելէ բնական կազի կամ այլ հանրային ծառայութիւններու Արցախ մատակարարումը»,– յայտնած է Կիրակոսեան։