Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը Թուիթըրի իր էջին տեղադրած գրառումով կը տեղեկացնէ, թէ Պելճիքայի խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը Բերձորի շրջափակումը դատապարտող բանաձեւ մը ընդունած է։
«Միաձայնութեամբ ընդունուած բանաձեւը կը դատապարտէ Ազերպայճանը՝ Արցախի շրջափակման համար, եւ Պաքուի իշխանութիւններուն կոչ կ՚ընէ անյապաղ բանալու Բերձորի միջանցքը»,– նշուած է գրառման մէջ: