Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Հզօր երկրաշարժ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ տարածքին 

 

Հազարաւոր զոհեր եւ վիրաւորներ 

ահաւոր աւերածութիւններ

Թուրքիոյ մէջ՝ Սուրիոյ սահմանին մօտ, Փետրուար 6-ի վաղ առաւօտեան, տեղական ժամով 4.17-ին, տեղի ունեցած են երկու յաջորդական հզօր երկրաշարժներ Ռիխթերի աստիճանաչափով 7,7 եւ 6,4 ուժգնութեամբ։ 

Հզօր ցնցումներ արձանագրուած են նաեւ դրացի Սուրիոյ տարածքին, մինչեւ Հալէպ։ Կան բազմաթիւ զոհեր, վիրաւորներ եւ աւերածութիւններ։ 

Թուրքիոյ Հաթայ, Ատանա, Օսմանիէ, Տիարպեքիր, Մալաթիա, Շանլըուրֆա եւ այլ քաղաքներուն, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ Հալէպի որոշ շրջաններուն եւ Լաթաքիոյ արուարձանին մէջ մեծ թիւով շէնքեր փլուզուած են։

Երկուշաբթի, Փետրուար 6-ի իրիկունը կը խօսուէր Թուրքիոյ մէջ աւելի քան 2300 մեռեալի եւ աւելի քան 13000 վիրաւորի մասին, իսկ Սուրիոյ պարագային ցարդ կան 386 զոհեր եւ 988 վիրաւորներ։

Նոյն օրը, Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ քաղաքային պաշտպանութիւնը յաջորդաբար երկրաշարժէն տուժած շրջանները աղէտեալ գօտի հռչակած էին եւ միջազգային ընտանիքին օգնութեան կոչ յղած։

Թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ՛ Սուրիոյ մէջ զոհերուն եւ վիրաւորներուն թիւը ժամ առ ժամ յաւելում կ՚արձանագրէ, քանի որ դեռ անհամար քաղաքացիներ կը գտնուին փլատակներու տակ։

Հալէպի երկրաշարժի զոհերուն մէջ երկու հայ կայ

Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժին հետեւանքով, սկզբնական տուեալներով, Հալէպ քաղաքի զոհերուն մէջ երկու Հայ կայ: 

«Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցին, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Ռեյիսեան հաղորդած է, թէ Հալէպի երկրաշարժին զոհ գացած  երկու քաղաքացիները մայր եւ որդի՝ Միրնա եւ Ալպէր Թէնէքէճեաններն են: Ան նշած է, որ Ալպէր Թէնէքէճեան Հալէպի ՀԲԸՄ-ի Լազար Նաճարեան-Կիւլպէնկեան վարժարանի աշակերտ էր: 

“Երկրաշարժին հետեւանքով հայկական շինութիւններ վնասուած են, ամբողջական փլուզումներու մասին տակաւին տեղեկութիւններ չկան”,– ըսած է հայ երեսփոխանը:

Երկրաշարժին հետեւանքները՝ Քեսապ

«Գանձասար-ի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան կը հաղորդէ.

«Ամէնէն ուժեղ ցնցումները եղան Իտլիպ, Հալէպ եւ Լաթաքիա։

Այս երկրաշարժին յաջորդեց տասնեակէ աւելի յետցնցումներ։

Երկրաշարժին ուժեղ ցնցումները նաեւ  զգացին Քեսապի եւ շրջակայ գիւղերու բնակիչները։ Ցնցումներու հետեւանքով Քեսապի մէջ մարդկային կորուստներ չեղան։ Արձանագրուեցան միայն նիւթական վնասներ։ Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցին թեթեւ վնասներ կրեց։

Երկրաշարժին հետեւանքով Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցին ալ նիւթական թեթեւ վնասներ կրեց»։

Թուրքիոյ մէջ երկրաշարժին զոհ գացած է

 2 Հայ, աւերուած են եկեղեցիներ

Թուրքիոյ Քահրամանմարաշ նահանգի երկրաշարժին, սկզբնական տուեալներով, երկու Հայ զոհ գացած է, կան նաեւ նիւթական կորուստներ։

Մալաթիոյ հայ ընտանիքի մը պատկանող բնակարանի փլուզման հետեւանքով երկու հոգի մահացած է՝ այր ու կին մը: 

Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթին համաձայն՝ Էլազըղի մէջ (Խարբերդ)  կան աւերուած շէնքեր, հայ համայնքի անդամները անձկալի պահեր ապրած են, սակայն մարդկային կորուստ չկայ։

Տիարպեքիրի Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցւոյ խորհուրդի ղեկավար Օհաննէս Գաֆուր Թուրքայ յայտնած է, որ ցնցումներու հետեւանքով եկեղեցին վնասուած չէ, սակայն քաղաքին մէջ կան աւերուած շէնքեր։

Իսքենտերունի Տէր Աւետիս քահանայի հաղորդած տեղեկութեան համաձայն՝ քաղաքի կեդրոնը աւերածութիւններ կան։  Լատին կաթոլիկ եղեկեցին հիմնայատակ աւերուած է։ Սրբոց Քառասուն Մանուկ եկեղեցին եւս վնասուած է։ Մարդկային կորուստներու մասին առայժմ տեղեկութիւններ չկան։

Թուրքիոյ միակ հայկական գիւղէն՝ Վաքըֆլըէն մտահոգող լուրեր սա պահուս չկան։

Իսկ Կեսարիոյ մէջ, հակառակ անոր, որ ցնցումները զգալի եղած են, սակայն տեղւոյն Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին վնասուած չէ։

 

Հայաստան պատրաստ է օգնութիւն տրամադրելու

Փաշինեան ցաւակցութիւն յայտնած է Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ երկրաշարժի զոհերու ընտանիքներուն

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ցաւակցութիւն յայտնած է  Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ երկրաշարժին զոհ գացածներու ընտանիքներուն։

Ան թուիթըրեան գրառումով հաղորդած է.

«Մեր խորին ցաւակցութիւնները զոհերու ընտանիքներուն, իսկ վիրաւորներուն կը մաղթենք շուտափոյթ ապաքինում։ Հայաստան պատրաստ է օգնութիւն տրամադրելու»։

 

Ռուբէն Վարդանեան. «Մենք շատ լաւ գիտենք, թէ մարդկային ինչպիսի ողբերգութիւնների պատճառ կարող է դառնալ աւերիչ երկրաշարժը»

Արցախի Հանրապետութեան Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան իր ցաւակցութիւնը յայտնած է Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ մէջ Փետրուար 6-ին տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժի կապակցութեամբ։

«Աւերիչ երկրաշարժի հետեւանքով թէ՛ Սիրիայում, թէ՛ Թուրքիայում բազմաթիւ մարդկային զոհեր կան, այդ թւում՝ նաեւ հայութեան շրջանում:

Ցաւակցում եմ ողբերգական աղէտի բոլոր զոհերի ընտանիքներին ու մերձաւորներին: Մաղթում եմ նրանց ուժ եւ տոկունութիւն այս ծանր փորձութիւնը յաղթահարելու համար: Ցաւօք, մենք շատ լաւ գիտենք, թէ մարդկային ինչպիսի ողբերգութիւնների պատճառ կարող է դառնալ աւերիչ երկրաշարժը: Մեր ժողովուրդը շատ լաւ ծանօթ է այդ ցաւին:

Մեծ վիշտ եմ ապրում մեր հայրենակիցների կորստի համար: Իւրաքանչիւր Հայի կեանքն ու ճակատագիրը կարեւոր է: Կարեւոր է թէ՛ 3 միլիոնը, թէ՛ 120 հազարը, թէ՛ մէկ Հայը՝ լինեն նրանք Հայաստանում, Արցախում, Սիրիայում, թէ առհասարակ՝ հայկական աշխարհում»,– Դիմագիրքեան գրառումով հաղորդած է Արցախի Պետական նախարարը:

***

Նշենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան Երկուշաբթի իրիկուն յայտարարած է, թէ երկրաշարժի զոհերուն յիշատակին եօթնօրեայ սուգ կը հռչակուի երկրին մէջ։