Ներկայ ժամանակները, մեծ ողբերգութիւններու դադար չեն ճանչնար։ Չեն բաւեր պատերազմները, անոնց վրայ կ՚աւելնան նաեւ բնութեան արհաւիրքները, որոնք առանց ազգի, ցեղի, պետութեան, դասակարգի, իշխանաւորի կամ հպատակի խտրութեան՝ կը հարուածեն բոլորը։
Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժերը ծանր հետեւանքներ ունին նաեւ հայութեան համար։ Արթնցուցին դառն յիշատակներ։ Հայաստանի երրորդ հանրապետութեան պատմութիւնը ուղղակի կապ ունի 1988-ի Սպիտակի երկրաշարժին, Սովետական Հայաստանի փլուզումին ու անկախ Հայաստանի ցաւալի սկզբնաւորման հետ։ Երկրաշարժ ու պատերազմ միաժամանակ ներկայացան, որոնց ողբերգական հետեւանքները դեռ կը կրենք։ Արցախի պատերազմը, շրջան մը հրճուանքի պահեր շնորհելէ ետք, այսօր անկախ պետութեան ապագան մթագնող է ու վտանգաւոր ընթացքի մէջ։ 1988-ի երկրաշարժը նոյնպէս, պատճառ հանդիսացաւ տասնեակհազարաւորներու մահուան, հարիւրաւոր տարիներու ընթացքին դիզուած հարստութեան կորստեան, տուներու, գործատուներու աւերակի վերածման կողքին, նա՛եւ՝ զանգուածային արտագաղթի եւ ընտանիքներու մինչեւ այսօր տոմիկներու մէջ բնակութեան։
Թէեւ ներկայ երկրաշարժերը Հայաստանի սահմաններէն ու Արցախէն հեռու են, սակայն, անոնք տեղի ունեցան պատմական Կիլիկիոյ աշխարհագրական շրջանին եւ Մեծ աղէտէն ետք տարագիր հայութեան կայք հաստատած Սուրիոյ հիւսիսային շրջանին մէջ, ուր տակաւին բազմաթիւ Հայեր կ՚ապրին, ուր դեռ կան հայկական բնակավայրեր, ինչպէս՝ Մուսա լեռը, Քեսապը եւ անշո՛ւշտ Հալէպը, Լաթաքիան… շրջաններ, որոնք Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմի, «Իսլամական պետութեան» դէմ մարտերու դաշտ հանդիսացած են, ուր թրքական ներխուժումը սարսափելի վնասներ հասցուցած է, քայքայած է շրջանի բնակչութեան, համայնքներու համակեցութեան պայմանները, հայութեան համար անդառնալի վնասներ հասցուցած է։ Այս բոլորէն ետք տեղւոյն վրայ մնացող հայութեան համար երկրաշարժը կ՚աւելցնէ նոր կորուստներ, նոր վտանգներ ու ապրուստի միջոցներ գտնելու տագնապ։
Աշխարհը օգնութեան կը փութայ, որուն առիւծի բաժինը կ՚երթայ Թուրքիոյ։ Սուրիան արեւմտեան պատիժներու ենթակայ եւ Իրանի ու Ռուսաստանի դաշնակից ըլլալով, բազմաթիւ երկիրներու կողմէ կ՚անտեսուի ու կը մնայ լքուած ու անտէր։ Ցաւալի է, որ մարդասիրական օգնութիւնը եւս խտրականութեան կ՚ենթարկուի։
Անկախ՝ պետութիւններու դրած խտրականութենէն, Թուրքիոյ մէջ ալ խտրականութենէ զերծ պիտի չմնան քրտաբնակ եւ արաբաբնակ շրջանները։ Այս երկրաշարժը շրջան մը միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը պիտի գրաւէ։ Թուրքիոյ նախագահական ընտրութիւններուն վրայ իր նշանակալից հետեւանքները պիտի ունենայ. Էրտողան պիտի փորձէ շահագործել զայն, բարձրացնելու համար իր վարկը, որ վերջին շրջանին բաւական նուազած էր։
Բնական է, որ Հայաստան ձեռք երկարէ Սուրիոյ, որու հետ ունի երկար տարիներու բարեկամական յարաբերութիւններ։ Երկրաշարժերը նաեւ կը խախտեն քաղաքականութեան խաղի օրէնքները։ Թշնամի պետութիւններ, իրարմէ խռոված երկիրներ իրարու հետ խօսելու առիթներ կը ստեղծեն։ Հայաստանի կառավարութիւնը բնական է, որ օգտագործէ առիթը, Թուրքիոյ հետ դիւանագիտական կապեր հաստատելու նպատակով։
Արցախի շրջափակումին համար ալ երկրաշարժը բացասական հետեւանքներ պիտի ունենայ, շրջան մը կրնայ լրատուական դաշտի գլխաւոր վերնագրերուն մաս չկազմել։
Հայկական բարձրաւանդակը աշխուժ երկրաշարժային գօտիի մէջ կը գտնուի։ Իւրաքանչիւր երկրաշարժ առիթ է յիշելու, որ քաղաքաշինութիւնը պէտք է պատշաճեցուած ըլլայ նման արհաւիրքներէ նուազագոյն վնասով դուրս գալու համար։ Նկատի ունենալով Երեւանի մա՛նաւանդ վերջին քսան տարիներու վայրենի քաղաքաշինութեան երեւոյթը, հարց կը ծագի, թէ որքանո՞վ իրապէս նկատի առնուած են շինարարութեան մէջ երկրաշարժերու դիմադրելու պայմանները ընդհանուր առմամբ, թէ՛ սովետական շրջանին շինուած շէնքերու եւ թէ՛ անկախութեան շրջանին շինուածներու պարագային։
Ժ.Չ. ■