Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Սեյրան Օհանեան զրկուած է երեսփոխանական անձեռնմխելիութենէ

Ան քրէական հետապնդման կ՚ենթարկուի

Պաշտպանության նախկին նախարար, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան երեսփոխան Սեյրան Օհանեանի նկատմամբ քրէական հետապնդում կը յարուցուի։ Ազգային ժողովը համաձայնութիւն տուած է դատախազ Աննա Վարդապետեանի ներկայացուցած երեք դիմումներուն.

Առաջին դիմումին 107 երեսփոխաններէն քուէարկութեան մասնակցած են 68-ը, որոնք բոլորն ալ թեր քուէարկած են:

2-րդ դիմումին մասնակցած է 66 երեսփոխան։ Դէմ քուէարկող չէ եղած։

3-րդին մասնակցած 68 երեսփոխանն ալ թեր քուէարկած է։

Ընդդիմութիւնը չէ մասնակցած քուէարկութեան։