Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելական խումբը իր աշխատանքը կը սկսի Փետրուար 20-ին

 

CivilNet-ի հետ հարցազրոյցին, Եւրոպական խորհրդարանի մէջ ֆրանսացի երեսփոխանուհի Նաթալի Լուազօ յայտնած է, թէ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) առաքելական խումբը իր աշխատանքը կը սկսի Փետրուար 20-ին։ Խումբին կը մասնակցին Ֆրանսայէն 8 ռազմական ոստիկաններ (ժանտարմ)։

Լուազօ տեղեկացուցած է, թէ ինք այդ օր Հայաստան պիտի գտնուի։ Ան ողջունած է ԵՄ-ի առաքելութիւնը՝ Հայաստանին աջակցելուն համար։ 

“Խումբը տեղւոյն վրայ ԵՄ-ի աչքերն ու ականջները պիտի ըլլայ եւ պիտի կարենայ զսպել նոր յարձակումները”,– ըսած է երեսփոխանուհին, յոյս յայտնելով որ Ազերպայճան բարեխղճօրէն կը համագործակցի առաքելական խումբին հետ։