Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Եւրոպական խորհրդարանը ընդունած է Ազերպայճանի՝ Հայաստան ներխուժումն ալ դատապարտող զեկոյցը

 

«Խաղաղութեան պայմանագիրը պէտք է երաշխաւորէ Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը»

Եւրոպական խորհրդարանի մամլոյ ծառայութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն՝ Փետրուար 9-ին Խորհրդարանի Արտաքին գործոց յանձնախումբը ընդունած է Հայաստանի մասին պարբերական զեկոյցը։ Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխանները խստօրէն դատապարտած են 2022 Սեպտեմբերին Ազերպայճանի կողմէ Հայաստանի վրայ լայնածաւալ ռազմական յարձակումը, որու հետեւանքով ազերպայճանական ուժերը գրաւած են Հայաստանի ինքնիշխան տարածքը: 

«Ընդգծելով, որ յարձակումը ուղղակի կապ չունի Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ երկար տարիներու հակամարտութեան հետ՝ Եւրոպական խորհրդարանը Ազերպայճանի իշխանութիւններուն կոչ կ՚ընէ իր զօրքերը դուրս բերել Հայաստանի տարածքէն, միաժամանակ երկու երկիրներու կառավարութիւններուն ալ կոչ կը յղէ աշխատելու համապարփակ և փոխադարձաբար ընդունելի խաղաղութեան պայմանագրին վրայ»,  ըսուած է զեկոյցին մէջ, ուր կը շեշտուի Եւրոպական Միութեան՝ իբրեւ միջնորդ մասնակցութիւնը հակամարտութեան խաղաղ լուծման հոլովոյթին:

Միւս կողմէ, Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխանները կ՚ընդգծեն, որ արդիւնաւէտ ըլլալու համար որեւէ խաղաղութեան պայմանագիր պէտք է ներառէ դրոյթներ, որոնք կ՚երաշխաւորեն Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի ամբողջականութիւնը, Լեռնային Ղարաբաղի եւ հակամարտութենէն տուժած այլ շրջաններուն մէջ բնակող հայութեան իրաւունքներն ու ապահովութիւնը, ինչպէս նաեւ գաղթականներու եւ տեղահանուածներու՝ իրենց բնակավայրերը անվտանգ վերադարձը:

Անդրադառնալով Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն (ՀՀ-ԵՄ) յարաբերութիւններուն՝ զեկոյցին մէջ գոհունակութեամբ կը շեշտուի 2021 Մարտին ՀՀ–ԵՄ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի ուժի մէջ մտնելուն պարագան։

Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխանները բարձր կը գնահատեն նաեւ Հայաստանի կողմէ ձեռնարկուած վերջին տարիներու բարեփոխումները եւ ժողովրդավարացման գործընթացը, որոնց շնորհիւ «երկիրը դարձած է տարածաշրջանի ժողովրդավարութեան առաջատարը»:

Երեսփոխանները կ՚ողջունեն նաև լրասփիւռներու՝ ազատութեան ոլորտին մէջ բարելաւումները, միաժամանակ ընդգծելով, որ Հայաստանի լրատուական միջավայրը տակաւին բեւեռացուած է, եւ մտահոգութիւն յայտնելով լրագրողներու նկատմամբ ատելութեան եւ ֆիզիքական բռնութեան դէպքերու կապակցութեամբ:

«Ամբողջովին աջակցելով ապատեղեկատւութեան դէմ պայքարի Հայաստանի կառավարութեան ջանքերուն՝ Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխանները կը յայտարարեն, թէ պէտք է կատարելապէս յարգուին լրագրողներու իրաւունքներն ու խօսքի ազատութիւնը»,– կ՚ըսուի զեկոյցին մէջ։

Զեկուցող Անտրէյ Քովաչեւ յայտարարած է. «ԵՄ-Հայաստան յարաբերութիւններու մասին զեկոյցը կը վերահաստատէ Եւրոպական խորհրդարանի յանձնառութիւնը՝ տարածաշրջանի խաղաղութեան եւ շարք մը բնագաւառներու մէջ Հայաստան-ԵՄ համագործակցութեան վերաբերեալ։ Այդ ուղղութեամբ իբրեւ կենսական քայլ՝ մենք կ՚ողջունենք Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան հաստատումը եւ կոչ կ՚ուղղենք Ազերպայճանի կառավարութեան երաշխաւորելու Լաչինի (Բերձոր) միջանցքով տեղաշարժի ազատութիւնն ու անվտանգութիւնը, որ շուրջ երկու ամիսէ ի վեր փակուած կը մնայ»: