Արամ Ա. Կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ եւ քաջալերութեամբ, անցնող տարիներուն, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Հայաստանի Ազգային արխիւին միջեւ համագործակցութեան յաջող փորձ կատարուած է: Այս գործակցութիւնը աւելի խորացնելու եւ արդիւնաւորելու հեռանկարով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» մատենադարանին մէջ, Փետրուար 6-ին, տեղի ունեցած է Հայաստանի Ազգային արխիւի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան արխիւին միջեւ «Փոխըմբռնման եւ գործակցութեան յուշագիր»-ի ստորագրումի եւ յանձնումի արարողութիւն:
Արդարեւ, Հայաստանի Ազգային արխիւի ներկայացուցիչներ՝ Սերգէյ Սարուխանեան (Ա. տեղակալ) եւ Գոհար Աւագեան (տնօրէնի խորհրդական), եւ «Կիլիկիա» մատենադարանի պետ Շահան արք. Սարգիսեան եւ Կաթողիկոսութեան Արխիւատան տեսուչ Վիգէն վրդ. Տալգլըճեան կատարած են յուշագիրի ստորագրումն ու փոխանցումը, որ գործակցութիւնը աւելի կազմակերպ եւ արդիւնաւէտ պիտի դարձնէ: Անոնք նաեւ ներկայացած են Վեհափառ Հայրապետին՝ ստանալու օրհնութիւն. այս առիթով Հայրապետը իր գնահատանքին կողքին ընդգծած է ազգային հարստութիւն համարուող արխիւներու թուայնացման եւ օգտագործման կարեւորութիւնը: