Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ուաշինկթըն եւ Փարիզ կը շեշտեն Բերձորի միջանցքը անյապաղ բանալու անհրաժեշտութիւնը

 

ԱՄՆ-ու եւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարներ Էնթընի Պլինքըն եւ Քաթրին Գոլոնա հեռաձայնային զրոյց ունեցած են ընդգծելով Բերձորի միջանցքով ազատ երթեւեկը անյապաղ վերականգնելու անհրաժեշտութիւնը։

Ֆրանս-Փրէսի համաձայն՝ տիկին Գոլոնա յայտնած է, թէ Արցախի շրջափակման ծանր հետեւանքները անընդունելի են։

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերու բաժանմունքի տեղակալ Քերըն Տոնֆրիտ իր կարգին հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեյհուն Պայրամովի հետ, կրկին քննարկելով Բերձորի միջանցքի հարցը։

Ազերպայճանական կողմի պաշտօնական հաղորդագրութեան համաձայն՝ Պայրամով շեշտած է «Լաչինի ճանապարհին բողոքի ցոյց կատարողներու օրինական պահանջները, միաժամանակ պնդելով Ազերպայճանի նուիրուածութիւնը խաղաղ գործընթացին»: 

Ըստ Պայրամովի՝ հակառակ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն ապահովելու Պաքուի առաջարկներուն՝ «հայկական կողմը խոչընդոտներ կը ստեղծէ, կոպտօրէն խախտելով Ազերպայճանի տարածքէն Հայաստանի զինուած ուժերը ամբողջովին դուրս բերելու պարտաւորութիւնը, կը շարունակէ ռազմական գրգռութիւններն ու անօրինական տնտեսական գործունէութիւնը»։ 

“Բանակցային գործընթացի վերաբերեալ գրգռիչ յայտարարութիւններու փոխարէն, Հայաստան պէտք է կարելիին չափ շուտ նստի բանակցութիւններու սեղանին շուրջ”,– ըսած է ան, անգամ մը եւս կրկնելով իր ղեկավար Ալիեւի յայտարարութիւնները, թէ Բերձորի միջանցքը «բաց է», իսկ այնտեղ բողոքի ցոյց կատարողներուն պահանջները «օրինական» են։