Փետրուար 11-ին առտուան կանուխ ժամերուն հրդեհ ծագած է ՀՅԴ Ստեփանակերտի «Նիկոլ Դուման» գրասենեակի առաջին յարկին վրայ։
Հրշէջները հրդեհը մարած են մօտաւորապէս ժամը 3.30-ին։ Ամբողջութեամբ այրուած են գրասենեակին առաջին յարկը գտնուող պահակակէտը եւ միջանցքը։
Տեղի ունեցած դէպքին հետեւանքով վիրաւորուած եւ հիւանդանոց փոխադրուած է շէնքի ապահովութեան աշխատակից Մհեր Ղահրամանեան։
Նոյն օրը առաւօտեան ՀՅԴ պատասխանատուները այցելելով հիւանդանոց տեղեկացուցած են, թէ վիրաւորուած անձին կեանքին վտանգ չի սպառնար։
Արցախի Ներքին գործոց նախարարութիւնը ստուգումներ կը կատարէ հրդեհին պատճառները յայտնաբերելու համար։