Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Շրջափակման պատճառով Արցախի քաղաքաշինութեան բնագաւառը մեծ վնասներ կրած է

 

Ազերպայճանի կողմէ Արցախը Մայր Հայաստանին կապող կեանքի ճանապարհի փակման հետեւանքով՝ Արցախի քաղաքաշինութեան բնագաւառը ամէն օր կը շարունակէ մեծ վնասներ կրել։

«Արցախփրէս»-ի թղթակցին հետ զրոյցին, Քաղաքաշինութեան փոխնախարար Արամ Գասպարեան յայտնած է, թէ Արցախի պաշարման պատճառով այս մարզի հիմնական ծրագրերը կիսատ մնացած են։ 

“Վառելիքի եւ աշխատուժի Հայաստանից Արցախ տեղափոխելու հետ կապուած դժուարութիւնների պատճառով, ներկայիս գրեթէ բոլոր ծրագրերը կասեցուած են։ Հայաստանից էր ներածւում շինանիւթի մեծ մասը։ Շրջափակման պատճառով այդ ամբողջ գործընթացի կազմակերպումը փաստօրէն անկարելի է դարձել: Ելեկտրականութեան խափանումներն էլ իրենց հերթին թոյլ չեն տալիս շարունակել աշխատանքը”,– ըսած է փոխնախարարը, աւելցնելով, որ 2023 թուականին նախատեսուած էր շահագործման յանձնել շուրջ 800 բնակարան կամ առանձնատուն։ Բայց սա պահուս չեն կրնար ծրագրել աշխատանքները՝ ստեղծուած ծանր իրավիճակին  հետեւանքով յառաջացած խնդիրներուն պատճառով։