Փետրուար 11-ին, Հայաստանի փրկարարական խումբը այցելած է Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցի, ուր ընդունուած է Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպիսկոպոս Աշգարեանի կողմէ։
Սրբազան հայրը դրուատած է Հայաստանէն ժամանած փրկարարներուն աշխատանքը` նշելով, որ անոնց կատարած հսկայածաւալ գործը մեծ գնահատանքի արժանացած է թէ՛ Հալէպի նահանգային իշխանութիւններուն եւ թէ՛ հալէպահայ համայնքին կողմէ։
Առաջնորդ սրբազանը հանգամանօրէն ներկայացուցած է եկեղեցւոյ պատմութիւնը, որմէ ետք բոլորը միասնաբար արտասանած են Տէրունական աղօթքը։
Աւարտին տեղի ունեցած է մոմավառութիւն` աւերիչ երկրաշարժի անմեղ զոհերու յիշատակին։
Փրկարարական խումբին ուղեկցած են Հալէպի հիւպատոս Բաբգէն Բադալեան եւ հիւպատոսութեան անձնակազմը։